2013-01-29 11:37:45

Կարդինալ Սանտրին Բացումը Կատարեց Հռոմի Մէջ Գումարուած` Քաղտէացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին։


Երկուշաբթի 28 յունուարին Հռոմի մէջ սկիզբ առաւ Քաղտէացի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը նախագահութեամբ` Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի։
Սիւնհոդոսի ընթացքին եպիսկոպոսները պիտի ընտրեն Քաղտէացի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նոր Պատրիարքը որ պիտի յաջորդէ 85 ամեայ Կարդինալ Էմմանուէլ Գ Տէլլիի որ անցեալ 19 դեկտեմբերին ներկայացուց իր հրաժարականը ։
Քաղտէացի եկեղեցին ծնունդ առած է Իրագի մէջ եւ ունի 500 հազար հաւատացեալ որոնցմէ 200 հազարը կ՛ապրին Իրագի մէջ։
Սիւնհոդոսական նիստերու առաջին օրը գերապայծառ Տէլ Գովոլոն ու գերապայծառ ֆիզիքելլան ժողովականներուն հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւններ ներկայացուցին։ Այսօրուայ (29/1) նիստի ընթացքին եպիսկոպոսները կը քննարկեն պատրիարքական աթոռի հայող հրատապ հարցեր մինչ Պատրիարքի ընտրական նիստը նախատեսուած է վաղը չորեքշաբթի 31 յունուարին։

Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին սիւնհոդոսական նիստերու բացման առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց Քաղտէացի եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն իւրայատկութիւնները որպէս արեւելեան եկեղեցիներու ընտանիքի անդամ ու ապա հայցեց Սուրբ Հոգւոյն բարեխօսութիւնը որպէսզի առաջնորդէ սիւնհոդոսական հայրերու քայլերը։
Կարդինալ Սանտրին ապա որպէս Սրբազան Քահանայապետի պատգամաւոր հրաւիրեց ժողովականները յարգելու կանոնական հրահանգները ու իրենց կենցաղով վկայելու իրենց միութիւնը եւ տիեզերական եկեղեցւոյ հետ հաղորդութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.